2016-12-10 09:05:00

Ասսիզիի խաղաղութեան լապտերը Քոլոմպիայի նախագահ` Սանթոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11ին, Ասսիզի քաղաքի Սուրբ Ֆրանկիսկոս Տաճարին մէջ, Խաղաղութեան Նոպէլեանի մրցանակակիր` Քոլոմպիայի նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսի կը յանձնուի Ասսիզիի խաղաղութեան լապտերը։

Նոյն օրը, կէսօրէն ետք ժամը 15.30ին, մրցանակակիր նախագահը պիտի տայ բանախօսութիւն մը, ուր պիտի ներկայացնէ Քոլոմպիայի յեղափոխական զինեալ ուժերուն հետ կայացած պատմական համաձայնութիւնը։

Այս հանդիսութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ նաեւ խորանալու երկխօսութեան եւ եղբայրութեան նիւթերուն մէջ։

Նախագահի ընդունելութիւնը պիտի կատարէ Ասսիզիի Ֆրանչիսկեան Վանքին մեծաւորը՝ Հայր Մաուրօ Կամպեթթի։








All the contents on this site are copyrighted ©.